image

Նիկոսիոյ մէջ. Հոգեհանգիստ ի յիշատակ Կիպրոսի ՀՕՄ-ուհիներու

Նիկոսիոյ մէջ. Հոգեհանգիստ ի յիշատակ Կիպրոսի ՀՕՄ-ուհիներու

Օրերս, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, կատարուած է Կիպրոսի ՀՕՄուհիներու հոգիներուն հոգեհանգիստը, որ գեղեցիկ եւ օրինակելի աւանդութիւն դարձած է Փետրուար ամսուան ընթացքին կատարելը զայն: 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Առաջնորդարան Հայոց Կոպրոսի» դիմատետրեան էջէն, ուր մասնավորապէս գրուած է՝

Կիրակի, 11 Փետրուար 2024-ին, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ «Սօսէ» մասնաճիւղի ՀՕՄուհիներու եւ հաւատացեալներու, կատարուեցաւ Կիպրոսի ՀՕՄուհիներու հոգիներուն հոգեհանգիստը, որ գեղեցիկ եւ օրինակելի աւանդութիւն դարձած է Փետրուար ամսուան ընթացքին կատարելը զայն:

Հոգեհանգիստ կատարելը առիթներէն մէկն է ոչ միայն յիշելու մեզմէ առ յաւէտ մեկնած ՀՕՄուհիները, այլեւ խօսելու եւ անդրադառնալու անոնց կողմէ կատարուած նուիրական ծառայութեան՝ գաղութին, Արցախին եւ հայրենիքին համար: Արարողութեան նախագահեց Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանը:

Պատարագեց եւ քարոզեց Նիկոսիոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Մոմիկ Քհնյ. Հապէշեանը: Հոգեհանգիստէն ետք, տարիներու սովորութեան համաձայն, յիշատակի նկար մը առնուեցաւ եկեղեցւոյ կողքին գտնուող Ապրիլեան Յուշարձանին առջեւ:

Աստուած «Սօսէ» մասնաճիւղի ննջեցեալ հոգիները լոյսերու մէջ հանգչեցնէ եւ գործող անդամներուն պարգեւէ արեւշատ առողջ օրեր:

11 Փետրուար 2024
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի