Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը, իր պատուիրակութեան անդամներուն ընկերակցութեամբ, այցելեց Կիպրոսի Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նորաբաց դեսպանատունը, ուր դիմաւորուեցաւ նորանշանակ դեսպան Իննա Թորգոմեանի եւ դեսպանատան անձնակազմին կողմէ:
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ «Կիլիկիա» հարթակէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Կիրակի, 7 Դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը, իր պատուիրակութեան անդամներուն ընկերակցութեամբ, այցելեց Կիպրոսի Հանրապետութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորաբաց դեսպանատունը, ուր դիմաւորուեցաւ նորանշանակ դեսպան Իննա Թորգոմեանի եւ դեսպանատան անձնակազմին կողմէ:
Դեսպանը ողջունելով Հայրապետին այցելութիւնը՝ ըսաւ, թէ մեր ժողովուրդին եւ համազգային ու միջ-եկեղեցական մակարդակներու վրայ բարձր վարկ վայելող հեղինակաւոր անձնաւորութիւն է Նորին Սրբութիւնը եւ մեզի համար մեծ պատիւ է ու օրհնութիւն ընդունիլ զինք այս նորաբաց դեսպանատան մէջ:
Արամ Ա. Կաթողիկոս, իր կարգին, ողջունելով Կիպրոսի ու Հայաստանի միջեւ զարգացող դիւանագիտական յարաբերութիւնները՝ շեշտեց երկու երկիրներու միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը, որովհետեւ մեր ունեցած պատմական կապերն ու հասարակաց արդարութեան դատը պէտք է առաւել եւս մղէ զոյգ երկիրներու պետութիւնները գործակցութեան ու միացեալ մօտեցումներու ճշդման՝ ներկայ աշխարհը յուզող տագնապներու գծով:
Յայտնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը շուրջ երկու ամիս առաջ հաստատուեցաւ Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ։