image
Հրատապ լուրեր:

ՆԱԹՕ-ն կ'աջակցի հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման

ՆԱԹՕ-ն կ'աջակցի հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման

ՆԱԹՕ-ն կ'ողջունէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ բանագնացներու հանդիպումը Մոսկուայի մէջ։ Այս մասին թուիթըրեան էջով գրած է Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Խավիեր Գոլոմինա։

«ՆԱԹՕ-ն կ'աջակցի անոնց յարաբերութիւններու կարգաւորման, ինչ օր պիտի օգնէ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ապահովման։ Մենք կոչ կ'ընենք Անգարային եւ Երեւանին հետագայ ջանքեր գործադրելու», նշած է ներկայացուցիչը։

Նշենք, որ Յունուար 14-ին Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ կայացած՝ ՀՀ եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով յատուկ ներկայացուցիչներուն հանդիպումը տեւած է 1,5 ժամ։

Հայկական եւ թրքական արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնները հանդիպման վերաբերեալ ըսած են, որ այն անցած է դրական ու կառուցողական մթնոլորտի մէջ։