image

ՆԱԹՕ-ի համար գլխաւոր թշնամին Ռուսիան է

ՆԱԹՕ-ի համար  գլխաւոր թշնամին Ռուսիան է

Մատրիտի մէջ ընթացող ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին ընդունուած է դաշինքի նոր ռազմավարական հայեցակարգ, որուն մէջ Ռուսիան յայտարարուած է անվտանգութեան գլխաւոր սպառնալիք:

ՆԱԹՕ-ն առճակատում չի փնտռեր Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ եւ վտանգ չի ներկայացներ Մոսկուայի համար, կ'ըսուի ռազմավարական հայեցակարգին մէջ:

Անոր մէջ նաեւ կը նշուի, որ ՆԱԹՕ-ն կ'ակնկալէ պահպանել Մոսկուայի հետ կապի ուղիները` վտանգները նուազեցնելու եւ մագլցումը կանխելու համար:

Ըստ հայեցակարգին` ՆԱԹՕ-ն զգալիօրէն պիտի ամրապնդէ զսպման եւ պաշտպանական կարողութիւնները` ի պատասխան Ռուսիոյ գործողութիւններուն:

Անոր մէջ նաեւ կ'ըսուի, որ ՆԱԹՕ-ն չի կրնար Ռուսիան գործընկեր համարել, սակայն պատրաստ է բաց պահելու հաղորդակցութեան ուղիները: