image
Հրատապ լուրեր:

Նախարար Միրզոյեան ընդունեց Սուրիոյ դեսպան Մոհամմէտ Հաժ Իպրահիմը

Նախարար Միրզոյեան ընդունեց Սուրիոյ դեսպան Մոհամմէտ Հաժ Իպրահիմը

3 Սեպտեմբերին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը ընդունած է Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած Արժանթինի, Սուրիոյ ու Լիթվայի դեսպանները։

ՀՀ-ի մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան դեսպան Մուհամմէտ Ահմատ Հաժ Իպրահիմի հետ հանդիպման ԱԳ նախարարը նշած է, որ Հայաստանը բարձր կը գնահատէ Սուրիոյ հետ բազմադարեայ բարեկամական յարաբերութիւնները եւ կը կարեւորէ տարբեր ոլորտներու մէջ երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան զարգացումն ու խթանումը:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են հայ-սուրիական երկկողմ եւ բազմակողմ օրակարգին վերաբերող հարցերու շուրջ: Կարեւորուած է երկարատեւ դադարէ ետք Երեւան-Հալէպ օդանաւային թռիչքներու վերսկսումը:

Հանդիպման ընթացքին երկուստեք ընդգծուած է Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու խորացումը:

Դեսպաններու հետ հանդիպումներու առանցքին էին նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային կայունութեան եւ խաղաղութեան հարցերը: Նախարար Միրզոյեանը զրուցակիցներու ուշադրութիւնը հրաւիրած է ատրպէյճանական զինուած ուժերու՝ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ իրականացուող սադրիչ գործողութիւններու, հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձանց հայրենիք վերադարձի, Արցախի մէջ առկայ մարդասիրական խնդիրներու վրայ:

Անդրադառնալով ղարաբաղեան հակամարտութեան՝ Արարատ Միրզոյեանը շեշտած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանու ներքոյ խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերսկսման կարեւորութիւնը: