Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան նորանկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին այցը կատարած է արաբական եւ իսլամական աշխարհի առանցքային երկիրներէն մէկը՝ Սէուտական Արաբիա:
Հայ-արաբական եւ, մասնաւորապէս, Հայաստանի Հանրապետութիւն-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ բացառիկ նշանակութիւն ունեցող այդ այցի շրջանակներուն մէջ Հայաստանի նախագահը այցելած է «Ապագայ ներդրումային նախաձեռնութիւն» (Future investment initiative) 5-րդ համաժողով։
Համաժողովին մասնակցած են բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներ, կառավարութիւններու անդամներ, յայտնի անդրազգային եւ համաշխարհային մեծ ընկերութիւններու ղեկավարներ ու գործարարներ:
Նախագահ Սարգսեան Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ, փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Մոհամմատ պին Սալմանի հետ ներկայ եղած է համաժողովի բացման արարողութեան։ Անոնք զրուցած են երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնելու անհրաժեշտութեան եւ անոնց ապագային շուրջ։
Նշուած է, որ երկու ժողովուրդներու միջեւ պատմական հարուստ առնչութիւնները լաւ հիմք են ապագային միտուած միջպետական յարաբերութիւններ կառուցելու համար: