Պետական եկամուտներու կոմիտէն կը տեղեկացնէ, որ «յատուկ տնտեսական միջոցառումներու եւ հարկադրուած միջոցառումներու մասին» Ռուսաստանի Դաշնութեան 2006 թուականի Դեկտեմբեր 30-ի № 281-Ф3 օրէնքի 4-րդ յօդուածին համապատասխան` Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահին կողմէ որոշում ընդունուած է կիրառելու յատուկ տնտեսական միջոցառում:
Որոշման համաձայն, կ'արգիլուի Ռուսաստանի Դաշնութենէն 10․000 տոլարը գերազանցող կանխիկ արտարժոյթի եւ (կամ) արտարժոյթով արտայայտուած ֆինանսական գործիքներու արտահանումը (Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի 2022 թուականի Մարտի 1-ի «Ռուսաստանի Դաշնութեան ֆինանսական կայունութեան ապահովման ուղղուած տնտեսական բնոյթի լրացուցիչ ժամանակաւոր միջոցառումներու մասին» № 81 հրամանագրի 1-ին կէտի «ж» ենթակէտ):
Նշուած արգելքը կը տարածուի Ռուսաստանի Դաշնութենէն կանխիկ արտարժոյթի արտահանման վրայ (ներառեալ նախապէս ներմուծուած), այդ շարքին` ԵԱՏՄ անդամ հանդիսացող պետութիւններ: Արգելքը կը կիրառուի իրաւաբանական եւ ֆիզիքական անձերու նկատմամբ` անկախ վերջիններուս կարգավիճակէն:
10․000 ԱՄՆ տոլարը գերազանցող կանխիկ արտարժոյթի եւ (կամ) արտարժոյթով արտայայտուած ֆինանսական գործիքներու յայտնաբերման ուղղուած միջոցառումներ կ'իրականացուին սահմանային հսկողութեան վայրերու մէջ` ֆիզիքական անձերու դիտարկման եւ հարցման ճանապարհով:
Արտահանման համար արգիլուած ֆինանսական միջոցներու եւ ֆինանսական գործիքներու յայտնաբերման պարագային` անոնք չեն առգրաւուիր եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու միջոցառումներ չեն կիրառուիր: Կը տրամադրուին պարզաբանումներ` ֆիզիքական անձերու ընտրութեամբ եւ հայեցողութեամբ արտարժոյթը հասանելի միջոցներով Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ թողելու վերաբերեալ: