Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան ծանր յանցագործութիւններու քննութեան բաժնի վարոյթով ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 190-րդ յօդուածի 3-րդ մասին 1-ին կէտով քննուող քրէական գործով մեղադրեալներ Արմէն Սմբատեանի եւ Գոռ Դաւթեանի մասով նախաքննութիւնը աւարտած է եւ քրէական գործը մեղադրական եզրակացութեամբ ուղարկուած է ՀՀ դատախազութիւն` դատարան ուղարկելու միջնորդութեամբ:
Նոյն քրէական գործով միւս մեղադրեալ՝ մշակույթի նախկին նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի մասով նախաքննութիւնը կը շարունակուի, վերջինիս նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզում եւ խափանման միջոց ընտրուած է կալանաւորումը: