ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի 76–րդ նստաշրջանի շրջանակներուն մէջ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշի հետ։
Արարատ Միրզոյեան շնորհաւորած է Անթոնիօ Կութերեշը ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնին վերանշանակուելու կապակցութեամբ։
Զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրած են Հայաստանի եւ ՄԱԿ-ի տարբեր մասնագիտացուած կառոյցներու միջեւ առկայ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը։
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը ու ՄԱԿ֊ի Գլխաւոր քարտուղարը միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան հարցերու շուրջ։
Միրզոյեան Գլխաւոր քարտուղարի ուշադրութիւնը հրաւիրած է 2020-ի աշնան Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակման մարդասիրական հետեւանքներուն վրայ, այդ շարքին՝ ընդգծելով Ատրպէյճանի կողմէ մինչ օրս պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական պատանդներու անվերապահ հայրենադարձման հրամայականը։ Նախարար Միրզոյեան շեշտած է ՄԱԿ-ի մարդասիրական մարմիններու՝ Արցախ անխոչընդոտ մուտքի անհրաժեշտութիւնը։ Զրուցակիցները ընդգծած են նաեւ հակամարտութեան գօտիին մէջ մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան պահպանման կարեւորութիւնը։
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը շեշտած է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին ներքոյ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական ու համապարփակ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։