Կ՚ողջունենք Մինսքի խումբը փակելու եւ ատոր հետ կապուած կառոյցները լուծարելու որոշումը, յայտարարած է Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն:
«Այս պատմական որոշումն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացի կարեւոր հանգրուաններէն մէկը հանդիսացաւ»,-նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Նշենք, որ ԵԱՀԿ նախարարներու խորհուրդը որոշում կայացուցած է՝ փակել ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը եւ անոր կից կառոյցները:
Կառոյցը լուծարելու առաջարկով հանդէս եկած են Փաշինեանն ու Ալիեւը: