«Բնակիչներու վերադարձը» Աղտամ (Ակնա) պիտի սկսի յաջորդ տարեվերջին։ Այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Էմին Հուսէյնովը։
«Աղտամ քաղաքին մէջ այս գործընթացը կ'ընթանայ արագ։ Այստեղ մեծ տարածք կայ, մեծ ծաւալով ենթակառուցուածքներու շինարարութիւն կ'իրականացուի, եւ այդ պատճառով կ'ակնկալուի, որ վերաբնակեցումը պիտի սկսի յաջորդ տարուան վերջը»,-ըսած է Հուսէյնով։
Բացի այդ, Ատրպէյճանի նախագահի ներկայացուցիչը նշած է, որ ներկայիս Ֆիզուլիի մէջ կը կառուցուի վեց միքրոշրջան։ «38 շէնքերու մէջ կ'իրականացուին շինարարական աշխատանքներ։ Մինչեւ տարեվերջ այս բնակելի տարածքին մէջ կը նախատեսուի վերաբնակեցնել 800 ընտանիք։ Այս գործընթացը նախատեսուած է երկու փուլով։ Կ'ակնկալուի, որ առաջին փուլին, որ պիտի աւարտի մինչեւ սեպտեմբեր, պիտի վերաբնակեցուի 260 ընտանիք»,- ըսած է Հուսէյնով։