Պայտընի վարչակազմը յայտարարած է, թէ կ'աշխատի հրադադարի ուղղութեամբ եւ չի ցանկար, որ Լիբանանը արժանանայ Կազայի ճակատագիրին։ Այս մասին հաղորդած է «Ամերիկայի ձայն»-ը:
Միեւնոյն ժամանակ, Միացեալ Նահանգներ ընդգծած է, որ կը սատարէ Իսրայէլին՝ չէզոքացնելու Իրանի աջակցութիւնը վայելող «Հըզպալլա»-ի ենթակառուցուածքները Լիբանանի մէջ։
Այդ նպատակները չեն հակասեր զիրար՝ ընդգծած է Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Քըրին Ժան-Փիեր։
«Լիբանանի մէջ իրականացուող գործողութիւնները թիրախային են։ Ուղիղ երկխօսութեան մէջ ենք Իսրայէլի կառավարութեան հետ եւ այն կը շարունակուի»,- ըսած է Ժան-Փիեր։