image

«Մենք պատրաստ ենք խօսելու արաբական աշխարհին հետ». Ֆայսալ Ալ Մըքտատ

«Մենք  պատրաստ ենք խօսելու արաբական աշխարհին հետ». Ֆայսալ Ալ Մըքտատ

Սուրիոյ արտաքին գործերու նախարար Ֆայսալ Ալ Մըքտատ ըսած է, որ Սուրիան չի վախնար Պանիաս նաւահանգիստի ռմբակոծութենէն, որպէսզի խափանուի իրանեան վառելանիւթի Լիբանան հասնիլը, ըսելով՝ որ «մենք չենք վախնար Իսրայէլէն կամ անոր աջակցող երկիրներէն: Երբ մենք կ'աջակցինք Լիբանանի մեր եղբայրներուն, մենք չենք մտածեր վտանգներուն մասին, ինչպէս ոմանք կ'ընեն Սուրիոյ պարագային»:

Ալ Միքտատ ողջունեց «որեւէ մերձեցում արաբական երկրի եւ Իրանի միջեւ» ՝ շեշտելով, որ «Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը կանգնած է արաբներու կողքին, կանգնած է Պաղեստինի ժողովուրդին եւ Սուրիոյ կողքին, եւ մենք պէտք է բարիքը բարիքով հատուցենք իրանեան կողմին»:

Ան նաեւ Նիւ Եորքի մէջ Եգիպտոսի արտաքին գործերու նախարար Սամեհ Շուքրիի հետ հանդիպումը համարեց յարաբերութիւններուն մէջ յառաջընթացի սկիզբ, ընդգծելով, որ Դամասկոս կ'ողջունէ արեւմտեան երկիրներու հետ որեւէ շփում, չնայած անոնց գաղտնի առկայութեան:

Ալ Մըքտատ հաստատեց նաեւ, որ իր երկիրը վստահութիւն չունի արեւմտեան երկիրներու մտադրութիւններուն նկատմամբ, բացատրելով որ «այս երկիրները ահաբեկչութիւնը պատրաստեցին եւ ֆինանսաւորեցին Սուրիոյ մէջ, եւ անոնք են որ տակաւին ահաբեկիչներ եւ մարդասպաններ կ'ուղարկեն Սուրիա":