image

Մենք մեծաթիւ ուժեր կ՚ուղարկենք Իրանի ուղղութեամբ․ Թրամփ

Մենք մեծաթիւ ուժեր կ՚ուղարկենք Իրանի ուղղութեամբ․ Թրամփ

«Մենք մեծաթիւ ուժեր կ՚ուղարկենք Իրանի ուղղութեամբ»,- յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը Տաւոսէն վերադարձին՝ օդանաւին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին։

Թրամփ նշած է, որ Ուաշինկթընը խիստ վերահսկողութեան տակ կը պահէ Թեհրանի գործողութիւնները։

«Ես կը նախընտրէի, որ որեւէ միջադէպ տեղի չունենար, բայց մենք անոնց շատ ուշադիր կը հետեւինք։ Հնարաւոր է՝ մենք ստիպուած չըլլանք օգտագործելու այդ ուժը, սակայն մեծաթիւ նաւեր կը շարժին այդ ուղղութեամբ»,-ըսած է ան։

Ռազմական ներկայութեան ընդլայնման մասին յայտարարութիւնը կը յաջորդէ անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու նախագահի մեղմ դիրքորոշման, երբ ան ետ կանգնած էր ուժի կիրառման սպառնալիքներէն՝ Թեհրանէն ցուցարարներու մահապատիժները չիրականացնելու երաշխիքներ ստանալէն ետք։

Ամերիկեան լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ USS Abraham Lincoln օդանաւակիրն ու ատոր հարուածային խումբի նաւերն արդէն հրաման ստացած են Հարաւչինական ծովէն տեղափոխուելու Մերձաւոր Արեւելք։

Միացեալ Նահանգներու նախագահը վերահաստատած է, որ իր նախկին կոշտ հռետորաբանութիւնն արդէն իսկ կանխած է Իրանի մէջ աւելի քան 800 ցուցարարներու մահապատիժը։ Ան նաեւ վերահաստատած է իր պատրաստակամութիւնը՝ երկխօսութիւն սկսելու Իրանի ղեկավարութեան հետ։