image

Մարոքցիք դէմ են Իսրայէլի հետ բնականոնացման

Մարոքցիք դէմ են Իսրայէլի հետ բնականոնացման

«Ո՛չ Սիտի Քասեմ քաղաքի Սիոնիստական սրբապղծման»

«Մարոքցիք ընդդէմ բնականոնացման» համագումարը իր ուղերձին մէջ կը հաստատէ իր մերժումը Սիտի Քասեմ քաղաքի մէջ կազմակերպուելիք բնականոնացման վեհաժողովին, կոչ ուղղելով տեղական ու հայրենական բոլոր կառոյցներուն ու կազմակերպութիւններուն դատապարտել այս գործունէութիւնը: 

 Օրերս Մարոքի մէջ, «Մարոքցիք ընդդէմ բնականոնացման» համագումարը հաստատած է իր «խիստ դատապարտում»-ը՝ բնականոնացնող «ժամանակակից արուեստներու խաղաղութեան վեհաժողով»-ի կազմակերպման Սիտի Քասեմ քաղաքի մէջ, որ կը զուգադիպի  «Պելֆորի  խոստման»  104-րդ տարելիցին: 

Ֆէյսպուքեան իր ուղերձին մէջ՝ համագումարը, որ բնաւ եւ երբեք չի զլանար աջակցելու Պաղեստինեան դատին՝ նշած է, որ քաղաքի բնակիչներու համար սոյն կասկածելի վեհաժողովը խորթ է, համարելով որ այն «վտանգաւոր ցուցիչ է այն մասին, որ որոշ միաւորումներ ամբողջապէս կը գտնուին սիոնիստական կազմաւորման տրամադրութեան տակ»:

Ուղերձը կոչ կ'ընէ «բոլոր տեղական ու հայրենական կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ յայտնի անձնաւորութիւններուն, որպէսզի դատապարտեն պաղեստինցի ժողովուրդի արդար իրաւունքները կորզելուն աջակցող եւ մարոքցի հասարակութեան արժէքներուն հակասող այս գործողութիւնները»:

Համագումարը նաեւ դատապարտած է «երիտասարդական եւ հանրային փակ վայրերու մէջ բնականոնացնողներու հիւրընկալումը, իսկ յարգուած կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու վանումը», ի յաւելում՝ «քաղաքի փխրուն ու վնասուած հասարակական բնագաւառները ուղղորդելու փոխարէն՝ հանրային փողերու վատնումը զաւթող կողմի հետ բնականոնացմանը միտուած»: Ուղերձը կը վերահաստատէ «մեր անվերապահ աջակցութիւնը պաղեստինցի ժողովուրդի պայքարին՝ մինչեւ իր գրաւուած հողերու ամբողջական ազատագրումը»: