13 Սեպտեմբերին, ժամը 22:00-ի սահմաններուն, ՀՀ հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական յենակէտերէն մէկուն մէջ, նախնական տուեալներով` մարտական ծառայութեան կազմակերպման կանոններու խախտման հետեւանքով մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է պահեստազօրի սերժանտ, 1978թ. ծնած Մկրտիչ Յովակիմեանը:
ՀՀ ՊՆ-էն յայտնած են, որ դէպքի հանգամանքները լիարժէք պարզելու նպատակով կը կատարուի քննութիւն:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: