Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է ՀՀ արեւելեան սահմանագօտիին վրայ տեղի ունեցած մարտական գործողութիւններուն հետեւանքով զոհուած մէկ հայ զինուորի անուն՝ 1991-ի ծնունդ, պայմանագրային զինուոր, շարքային Մերուժան Արթուրի Յարութիւնեան։ Զոհուածներու եւ վիրաւորներու թիւը կը ճշդուին։
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ ՔՊ խմբակցութեան պատգամաւոր Էտուարտ Աղաճանեանը յայտնած էր, որ նախնական տուեալով՝ հայկական կողմէ զոհերուն թիւը 15 է։