2021 թուականի 3 Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ մահացած է հայ անուանի արձակագիր, թատերագիր, գրականագէտ, գրաքննադատ եւ թարգմանիչ՝ Ալեքսանդր Թօփճեանը (գրականագէտ Էդուարդ Թօփճեանի որդին, գրականագէտ, արուեստաբան ու հրապարակախօս՝ Ստեփան Թօփճեանի եղբայրը, դերասանուհի, գրող՝ Անահիտ Թօփճեանի ամուսինը, բանասէր, թարգմանիչ Արամ Թօփճեանի եւ խմբավար՝ Էդուարդ Թօփճեանի հօրեղբայրը)։
Ան ծնած է 7 Սեպտեմբեր 1939-ի, Երեւան, ՀՀ գրողներու միութեան անդամակցած է 1970 թուականին։ Յաճախած է Երեւանի Խանճեանի անուան թիւ 56 միջնակարգ դպրոցը։ 1962 թուականին աւարտած է ԵՊՀ բանասիրական ֆակուլտետը։ 1962–1963 թուականներուն աշխատած է «Փիոներ կանչ» պարբերական, 1963–1965 թուականներուն՝ «Հայաստան» հրատարակչութիւն, 1966–1975 թուականներուն՝ «Գարուն» ամսագիր, 1975–1988 թուականներուն՝ «Հայֆիլմ» կինոսթուտիա, 1982–1989 թուականներուն՝ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարան, որպէս Գրական բաժնի վարիչ, 1991–1995 թուականներուն՝ ՀՀ ԱԺ լրատուութեան յանձնաժողով։ 1960–1980 թուականներու ընթացքին Հայաստանի, Մոսկուայի եւ միութենական տարբեր հանրապետութիւններու գրական մամուլով տպագրուած յօդուածները անոր միութենական ճանաչում բերած են։ Իր գրական գործունէութեան համար արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու։
Հեղինակն է բազում թարգմանութիւններու ֆրանսերէնէն եւ ռուսերէնէն, անոնց կարգին են Մոլիերի, Լա Րոշեֆուքոյի, Շոտերլօ տը Լաքլոյի, Ափոլիների, Փրեւերի, Քոքտոյի, Ժիրոտուի, Անույի, Ռէնարի, Սականի, Տենի տը Ռուժմոնի եւ այլոց գործերը։ Հրատարակած է 500-էն աւելի գրականագիտական յօդուած մամուլով՝ նուիրուած արդի գրականութեան հարցերուն։ Ալեքսանդր Թօփճեանի խմբագրական եւ հրատարակչական գործունէութեան շնորհիւ լոյս տեսած են Ռուբէն Սեւակի, Վազգէն Շուշանեանի, Հրաչ Զարդարեանի, Յարութ Կոստանդեանի, Նիկողոս Սարաֆեանի եւ այլ հայ գրողներու ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ հայ գրողներու ժողովածոներ եւ ծաղկաքաղեր այլ լեզուներով։
Ալեքսանդր Թօփճեան հեղինակն է նաեւ շարք մը գեղարուեստական երկերու, որոնք լոյս տեսած են հայերէն եւ օտար լեզուներով։ Անոնց կարգին են «Կիրկէ կղզին» (Երեւան, 1996), «Եւ անգամ մահից յետոյ» (Ռուբէն Սեւակի մասին, Երեւան, 2005) եւ «Պանք Օթոման» (Երեւան, 2008, ռուսերէն՝ Մոսկուա, 2012 , եւ ֆրանսերէն՝ Փարիզ, 2012) վէպերը։