Հանրապետութեան արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած N զօրամասի մարտական դիրքին վրայ 14 յուլիսին, հրազէնային վիրաւորումով մահացած յայտնաբերուած 19-ամեայ պարտադիր շարքային զինծառայող Արսէն Մանուկեանը արդէն մէկ տարիէ աւելի՝ կը ծառայէր Սիսիանի մէջ։
NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ Արսէն Մանուկեանի ծանօթը պատմած է, որ ան ունէր երկու քոյր եւ մէկ եղբայր։ Եղբայրը պայմանագրային զինծառայող է, մէկ քոյրը ամուսնացած է, միւսն ալ անչափահաս ուսանող է։
«Իրենք ապրում են սոցիալապէս շատ ծանր կացութեան մէջ։ Ապրում են մէկսենեականոց բնակարանում, որի վիճակը սարսափելի է։ Մայրը մօտակայ խանութում աշխատում է որպէս հաւաքարար, հայրն էլ մանր աշխատանքներ է կատարում, այս պահին Ռուսաստանում է։ Ինքը շատ հանգիստ, խելօք տղայ էր։ Մեզ մօտ ասում են՝ կռիւ է եղել զինուորների միջեւ, կրակել են, բայց յստակ ոչինչ չգիտենք»,- նշած է ան։
Յիշեցնենք, որ հանրապետութեան արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած N զօրամասի մարտական դիրքին վրայ յայտնաբերուած է պարտադիր ժամկէտային զինծառայող, շարքային Արսէն Արմէնի Մանուկեանի (2003թ. ծնունդ) դին՝ գլուխէն հրազէնային վիրաւորումով։ ՊՆ-էն յայտնած են, որ կը կատարուի քննութիւն՝ դէպքի հանգամանքները լիարժէք պարզելու համար։