Հայաստանի մէջ Նոյեմբեր 22-ին «Քորոնա»ով վարակուելու 272 նոր դէպք գրանցուած է, վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասած է 334.347 դէպքի:
Ընդհանուր քննութիւններու թիւը կը կազմէ 2.311.186, վերջին մէկ օրուան մէջ` 4730 նոր քննութիւն:
Փաստացի այս պահուն կը բուժուի 18.150 բուժառու:
Վերջին տուեալներով ապաքինուած է 307.484 անձ, վերջին մէկ օրուան մէջ՝ 1873 անձ:
Մէկ օրուան մէջ «Քորոնա»ի հետեւանքով մահացած է 30 քաղաքային, մահացածներու թիւը 7308 է:
Այլ հիւանդութեան պատճառով մահուան դէպքերու ընդհանուր թիւը 1405 է: