image

Լուկանսքի 90 տոկոսը ազատագրուած է

Լուկանսքի 90 տոկոսը  ազատագրուած է

Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ ռուսական օդագնացութիւնը Ուքրանիոյ մէջ ոչնչացուցած է 81 ռազմական կէտ, այդ շարքին` 4 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ եւ 3 հրամանատարական կեդրոն: «Յատուկ ռազմական գործողութեան սկիզբէն ի վեր ոչնչացուած է 183 անօդաչու թռչող սարք, 1406 հրասայլ, մեքենայ եւ զրահասարք, 138 հրթիռային կայանք, 535 դաշտային հրետանի եւ ականանէտ, 1197 մարտական միաւոր»:

Նախարարութիւնը յաւելած է, որ Լուկանսքի Հանրապետութեան ուժերը Ռուսաստանի զինուած ուժերուն աջակցութեամբ ազատագրած են հանրապետութեան տարածքին աւելի քան 90%-ը:

Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Իկոր Քոնաշենքովը յայտարարած է, որ Մարիուփոլ քաղաքի կեդրոնին մարտեր կ'ընթանան` ըսելով. «Տոնեցքի Հանրապետութեան ուժեր, ռուսական բանիա ուժերու աջակցութեամբ, քաղաքի կեդրոնին մէջ պայքար կը մղեն ու կը շրջափակեն ուքրանացի ազգայնականները»:

ՄԱկ-ի մէջ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչ Վասիլի Նեպենզիան հաստատած է, որ «Մարիուփոլը կը թաքցնէ ուքրանացի ծայրայեղականներու յանցագործութիւններու բազմաթիւ ապացոյցներ»:

Նեպենզիան Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի ժամանակ ըսած է. «Ուքրանացիները չեն ներած իրենց, անոնք արիւնով հեղեղած են քաղաքը եւ զայն վերածած են նացիստական գումարտակներու շտաբի, որոնց առաջինը Ազովն ու Փրաւն են»: