Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ թելեկրամեան իր ալիքով անդրադարձած է Ուքրանիոյ մէջ ռուսական ռազմական գործողութեան ամենակարեւոր նպատակին, որ կ'որոշուի մարտադաշտերէն դուրս:
Անոր խօսքով, Ուքրանիոյ ապառազմականացման եւ «ապազգայնացման» նպատակները, որոնք դրած էր Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը, վայրկեանական չեն կատարուիր եւ չեն իրագործուիր «միայն մարտի դաշտերուն մէջ»:
«Այսօրուայ ուքրանացիներուն մէկ մասին արիւնոտ ու կեղծ առասպելներով լի գիտակցութիւնը փոխելը ամենակարեւոր նպատակն է: Նպատակ` յանուն ուքրանացիներու ապագայ սերունդներու խաղաղութեան եւ վերջապէս Լիզպոնէն մինչեւ Վլատիվոստոկ բաց Եւրասիոյ կառուցման», գրած է Մետվետեւ: