image

Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւնները՝ 27 Մարտին

Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւնները՝ 27  Մարտին

Լիբանանի խորհրդարանը, Պէյրութի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ կայացած օրէնսդրական նիստին ընթացքին, հաստատեց խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն թուականը, որ տեղի պիտի ունենայ 27 Մարտ 2022-ին:

Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններու յայտարարութիւնը կը համընկնի Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի պատուիրակութեան ՝ Լիբանան ժամանման նախօրէին: Պատուիրակութիւնը Լիբանանի կառավարութեան հետ պիտի քննարկէ տնտեսական եւ ֆինանսական վերականգնման ծրագրի շուրջ բանակցութիւններու մեխանիզմը»,  հասած ըլլալով համաձայնութեան մը, որ թոյլ կու տայ Լիբանանին «օգտուելու միջազգային աջակցութենէն», քաղաքական ճգնաժամի կողքին երկրի տնտեսական ծանր ճգնաժամի լոյսին տակ:

Վարչապետ Նաժիպ Միքաթիի գրասենեակը աւելի շուտ յայտնած էր, որ Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աուն պատուիրակութին մը կազմած է՝ «բանակցելու Արժոյթի միջազգային հիմնադրամին հետ, ըստ բարձրացուած հարցերուն մասնագէտներու օժանդակութեան դիմելու պայմանով»: