«Մինչեւ հիմա չեմ կրնար համակերպիլ։ Ուրիշ հող էր, կը քաշէր քեզ, կարծես կ՚ըսէր՝ ինծի համար լաւ բան մը ըրէ։ Աստուած բոլորին պիտի պատժէ»,- ըսաւ Թամարը։
News.am կայքը հարցազրոյց մը կատարած է Թամար Տումպալեանին հետ, որ եօթը տարի առաջ, դուստրին եւ ամուսնոյն հետ Լիբանանէն տեղափոխուած էր Արցախ՝ Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնօ գիւղը։
15 Օգոստոսին` Բերձորը եւ Աղաւնօն թշնամիին յանձնելէն տասը օր առաջ, ընտանիքը ստիպուած լքեց գիւղը։
«Խանումեանը մեզի ըսաւ` 25 Օգոստոսին ռուսը դուրս պիտի գայ, ազերիները մտնեն, եթէ կ՚ուզէք` մնացէք, չէք ուզեր՝ մի մնաք։ Ըսաւ` միայն բնիկ արցախցիներուն Արցախի մէջ տուն պիտի տրուի։ Երկու շաբաթ առաջ, մեզի շտապէն տեղեկացուցին, որ մեզի տուն չ՚իյնար, քանի որ վերաբնակեցուած ենք։ Ըսին, որ միայն Արցախի Հին Շէնէն կամ Մեծ Շէնէն տուն կրնան տալ։ Ես վախցայ հոն տեղափոխուելէն, եւ ամէն ինչ սկիզբէն սկսելէն եւ վերստին կորսնցնելէն»,- պատմեց Թամար Տումպալեանը։
Տունէն դուրս գալու ժամանակ Թամարը չհասաւ տունը այրել։ Ըսաւ, որ տունը պարպելու ժամանակ, վերջին օրերուն, ոստիկանները կը հսկէին։ Ամուսինը հաշմանդամ է եւ չէր կրնար այրել, ինք ալ չկրցաւ այրել։ Գիւղին մէջ, Թամարին տունը ամենաբարձր դիրքը ունէր։ Ան ըսաւ. «Ոչ թէ պէտք էր վառէինք, այլ՝ պայթեցնէինք»։ Թամարը, հայհոյանքներ գրած է պատերուն վրայ իրենց համար։ Բայց անոր սիրտը չի հանգստանար։ Որոշ ժամանակ առաջ, գիշերը, քանի մը հոգի վերէն նկարած էին տունը։ կ՚ըսէին, թէ իրենց տան լոյսը վառած է։
Թամարը, ամուսինին եւ 11 տարեկան աղջկան հետ այժմ հաստատուած է Էջմիածին։ Բնակարանին համար անոնք ամսական կը վճարեն 115 հազար դրամ։ Այժմ ընտանիքի եկամուտի աղբիւրը Թամարի հիմնած փոքր աշխատանքն է։ Ան, լիբանանեան համեմունքներով կիսապատրաստ ճաշեր կը պատրաստէ ։ Չի դժգոհիր, արդէն մշտական յաճախորդներ ունի։
«Մինչեւ հիմա չեմ կրնար համակերպիլ։ Ուրիշ հող էր, կը քաշէր քեզ, կարծես կ՚ըսէր՝ ինծի համար լաւ բան մը ըրէ։ Աստուած բոլորին պիտի պատժէ»,- ըսաւ Թամարը։