image

Լիբանան համատարած մթութեան մէջ

 Լիբանան համատարած մթութեան մէջ

 

Լիբանանն այս  գիշեր  համատարած մութի մէջ է։ 

 

 Այս մասին յայտարարած է «Լիբանանի ելեկտրականութիւն»ը, որ նաեւ բացատրած է թէ ինչ պատճառներու բերումով Լիբանան կը զրկուի ելեկտրական հոսանքէ։ 

 

 Յայտարարութիւնը, որ ներկայացուած է, կը հաղորդէ, որ Լիբանանին ելեկտրական հոսանք տրամադրող առնուազն ութը կայաններու մէջ արձանագրուած են շարաշահումներ եւ քաղաքացիներ ապօրինի կերպով փորձած են ելեկտրական հոսանք ստանալ։ 

 

 Այդ պատճառով ալ ընկերութեան հոսանք մատակարարող հիմնական կայանները դադրած են լիարժէք գործելէ եւ երկիրը մատնուած է ամբողջական մթութեան։ 

 

 Խնդրի լուծման մասին ընկերութիւնը յստակ ժամկէտ մը չէ ներկայաուցած եւ այս պահուն Լիբանանի տասնեակ քաղաքներ, գիւղեր եւ աւաններ յայտնուած են ամբողջական եւ աննախադէպ մթութեան մէջ։