image

Լաւրով-Ֆիտան հանդիպում Անգարայի մէջ

Լաւրով-Ֆիտան հանդիպում Անգարայի մէջ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն Անգարայի մէջ հանդիպած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ ԱԳՆ-ն իր Telegram ալիքին։

Լաւրովն Անգարա ժամանած է փետրուար 23-ին։ Ֆիտանի հետ հանդիպման ընթացքին ան, ի թիւս այլ հարցերու, քննարկած է Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ ԱՄՆ-ի միջեւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ կայացած խորհրդակցութիւններու արդիւնքները։ Բացի այդ, թրքական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած է ընդունելու ԱՄՆ-ի, Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ մասնակցութեամբ ռուս-ուքրանական հակամարտութեան կարգաւորման հարցով գագաթնաժողովը։

Քննարկուած է նաեւ Սուրիոյ շուրջ բանակցային գործընթացը: Լաւրովի այցը տեղի ունեցած է Դամասկոսի նոր իշխանութիւններու հետ կապեր հաստատելու Մոսկուայի ցանկութեան լոյսին տակ, քանի որ Թուրքիան աւելի սերտ կապեր ունի սուրիական կողմի հետ Պաշշար Ասատի հեռանալէն ետք։

Թուրքիոյ ԱԳՆ-ի աղբիւրը «ՌԻԱ Նովոստի»-ին աւելի վաղ յայտնած էր, որ Ֆիտան կ՚ակնկալէ իր ռուս գործընկերոջ հետ քննարկել Ուքրանիոյ հարցով բանակցային գործընթացը եւ իրավիճակը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, մասնաւորապէս՝ Սուրիոյ։

Թուրքիոյ ղեկավարի վարչակազմն իր հերթին յայտնած էր, որ Լաւրովը պիտի ընդունի նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը։