Իսրայէլեան լրատուամիջոցները Հինգշաբթի լուսադէմին յայտնած են, որ Մոսատի ղեկավար` Տէյվիտ Պարնէայի կնոջ բջիջային հեռախօսը կոտրուած է եւ անոր բովանդակութիւնը հրապարակուած է Telegram-ի անանուն հաշիւի միջոցով:
Լրատուամիջոցը յաւելած է. «Նիւթին հրապարակումը նպատակ ունի վրէժ լուծել Մոսատէց ու խայտառակել զայն, իսկ գնահատականը այն է, որ այդ իրանեան վրէժ է»:
Իսրայէլեան գնահատականները ցոյց կու տան, որ ցանցահէնեան գործողութիւնը եւ «Մոսատ»ի ղեկավարի ընտանիքին հետ կապուած անձնական նիւթերու հրապարակումը նպատակ ունին վրէժխնդիր ըլլալ եւ ամօթի մատնել Իսրայէլի անվտանգութեան ծառայութիւնները:
Իսկ ցանցահէնները, որոնք Telegram կայքի ալիքի միջոցով հրապարակած են Մոսատի ղեկավարին կնոջ հեռախօսը կոտրելով իրենց ձեռք բերած տեղեկութիւնները, տեսահոլովակը անուանած են «բաց ձեռքեր», գրելով` որպէս «նուէր Պարնէային», հրէական տօնին առիթով:
Ցանցահէնները կ'ըսեն, որ Պարնէայի մասին իրենց տրամադրած անձնական տեղեկատուութիւնը հետախուզական հսկողութեան գործողութեան արդիւնք է, որուն հետեւած են 2014 թուականէմ, եւ Open Hands-ը հրապարակած է տեսանիւթի քանի մը տարբերակներ` եբրայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն թարգմանութիւններով: