image

Կիպրոս. Անդրանիկ Սարգիս Աշճեան կը շարունակէ իր յաղթարշաւը

Կիպրոս. Անդրանիկ Սարգիս Աշճեան կը շարունակէ իր յաղթարշաւը

Նորանոր յաղթանակներ կը մաղթենք իր ընտանիքին ու հայութեան մեծ պատիւներ բերող Անդրանիկին, յուսալով, որ ան իր յաղթարշաւը կը շարունակէ առանց ընկրկումներու։ 

 

Կիպրահայ մեր հայրենակից Անդրանիկ (Կրտսեր) Աշճեան կը շարունակէ իր յաղթարշաւը։

 Օրերս ան կարեւոր ձեռքբերումներ ունեցած է Կիպրոսի  Աթլէթի ոլորտին մէջ օրերս կայացած կարեւորագոյն մրցաշարքերէն համարուող «Մացիա» մրցաշարքին։

«Արեւելք»ի ունեցած տուեալներով Անդրանիկ  երեք քայլ ոստումի մէջ ստացած է իր տարիքային դասաւորման ոսկեայ մետալը։

Ան չէ բաւարարուած այդ պատուաբեր նուաճումով, այլ միեւնոյն ժամանակ կարողացած է կոտրել իր ցարդ գրանցած մրցանիշը, եւ ապահոված Եւրոպայի  U20 ախոյեանութեան մասնակցելու հնարաւորութիւնը։

Անդրանիկ կրտսեր նաեւ կը համարուի 

այս տարուայ եւրոպայի U20-ի 12-րդ լաւագոյն մարզիկը ապահովելով ընդհանուր 986 նիշ միջազգային տախտակին վրայ։

Նորանոր յաղթանակներ կը մաղթենք իր ընտանիքին ու հայութեան մեծ պատիւներ բերող Անդրանիկին, յուսալով, որ ան իր յաղթարշաւը կը շարունակէ առանց ընկրկումներու։