Տեղեկութիւնը, որ հանդիպման ընթացքին Սիւնիքի համայնքապետները դէմ չեն եղած Սիւնիքով միջանցք տրամադրելուն, սուտ է։ Այս մասին ըսաւ Գորիսի փոխքաղաքապետ Կարէն Քոչարեանը։
«Ես, որպէս Գորիսի համայնքապետի տեղակալ, Առուշ Առուշանեանի ջոկատի հրամանատարի տեղակալ, ասում եմ, որ տեղեկութիւնն ամբողջութեամբ սուտ է։ Առուշանեանը, թէեւ ազատութեան մէջ չէ, սակայն պատրաստ է կանգնել բանակի կողքին եւ իր մի թիզ հողի համար կռուել մինչեւ վերջ։ Գորիսի համայնքը պատրաստ է մարտնչել եւ պաշտպանել իր տարածքը։ Ես մասնակցել եմ հանդիպմանը, քանի որ Սիւնիքում ստեղծուած իրավիճակը յաճախ մանիփուլացուած է, եւ անհրաժեշտ է յստակ դիրքորոշում արտայայտել եւ ստանալ պատասխաններ, սակայն վարչապետի հետ հանդիպումից յետոյ Սիւնիքի սահմանների պաշտպանութեան հետ կապուած իմ մտահոգութիւններն աւելի խորացան, քանի որ որեւէ յստակ պատասխան չտրուեց», նշեց ան։
Հարցին, թէ հանդիպման ընթացքին հնարաւոր է, որ կողմ եղած է Սիւնիքի միջանցքի տրամադրման հակառակորդին, Քոչարեան պատասխանեց, որ նման բան չէ եածլ։
«Նման արտայայտութիւն, նման համաձայնութիւն չի եղել», ըսաւ ան։
Նշենք, որ մամուլին մէջ տեղեկութիւն տարածուած էր, ըստ որու, նախօրէին Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին Սիւնիքի համայնքապետները դէմ չեն եղած Սիւնիքի միջանցքի տրամադրման։