image
Հրատապ լուրեր:

Խրիմի ափերէն. Ռուսաց ՊՆ-ն ցուցադրած է «Պայրաքտար»ի ոչնչացման տեսանիւթը

Խրիմի ափերէն. Ռուսաց ՊՆ-ն ցուցադրած է «Պայրաքտար»ի ոչնչացման տեսանիւթը

Ռուսական «Ատմիրալ Էսսեն» ռազմանաւը Խրիմի ափերուն մօտ ոչնչացուցած է ուքրանական «Պայրաքտար» անօդաչու թռչող սարքը: Այս մասին կը յայտնեն Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն:

«Սեւծովեան նաւատորմի ռազմանաւի անձնակազմը Խրիմի թերակղզիի արեւմտեան ափերուն մօտ ոչնչացուցած է «Պայրաքտար» տեսակի անօդաչու թռչող սարք (ԱԹՍ)` երկու հրթիռ արձակելով նաւի «Շթիլ» զենիթահրթիռային համակարգէն», յայտնած են ռազմական գերատեսչութենէն:

Նախարարութեան տուեալներով` անօդաչու թռչող սարքը իրականացուցած է Սեւծովեան նաւատորմի նաւերու, ինչպէս նաեւ Խրիմի թերակղզին մէջ եւ Ուքրանիոյ հարաւը տեղակայուած Ռուսաստանի Զինուած ուժերու ռազմական սարքերու առափնեայ եւ ցամաքային դիրքերու հետախուզում: 

Ինչպէս նշած են ռազմական գերատեսչութենէն, անօդաչու թռչող սարքը ոչնչացուած է Սեւծովեան նաւատորմի նաւերու գործողութեան գօտիին մէջ:

Տեսանիւթը դիտել այստեղ: