Մենք կը կարծենք, որ Խաչատուր Սուքիասեանը պէտք է պատասխանատուութիւն կրէ իր արտայայտութիւններուն համար, կը կարծենք, որ նման պահանջ ներկայացնելու իրաւունք ունինք, եւ դատաքննութեան ընթացքին մեր իրաւական հիմնաւորումները կը ներկայացնենք։ Այս մասին, ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանն ընդդէմ ԱԺ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Խաչատուր Սուքիասեանի գործով դատական նիստին յայտարարեց Սարգսեանի փաստաբաններէն Վահագն Գրիգորեանը։
Խաչատուր Սուքիասեանի պաշտպան Աննա Տօնոյեանը յայտնեց, որ Սուքիասեանի յայտարարութիւնները եղած են գնահատողական դատողութիւններ:
Ըստ Տօնոյեանի՝ Սուքիասեանի յայտարարութիւնը չի կրնար յանգեցնել պատասխանատուութեան, ինչի հիմքով ալ պաշտպանը խնդրեց դատարանին հայցը մերժել:
«Խաչատուր Սուքիասեանի արտայայտութիւնը Սերժ Սարգսեանին չի մեղադրում որեւէ յանցանքի կամ զանցանքի կատարման մէջ», ըսաւ Աննա Տօնոյեանը։
Սերժ Սարգսեանի փաստաբան Վահագն Գրիգորեանը յայտարարեց, թէ Խաչատուր Սուքիասեանը պետք է պատասխանատուութիւն կրէ իր արտայայտութիւններուն համար: Գրիգորեանի դիտարկմամբ՝ Սուքիասյանի յայտարարութիւններուն մէկ մասը կը հակասէ այն դիրքորոշման, որ այսօր ներկայացուց անոր ներկայացուցիչը:
Դատական յաջորդ նիստը պիտի կայանայ 2022-ի Յունուար 17-ին` ժամը 11:30-ին: