Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան յայտարարած է, որ Իսրայէլ կեղծ պատրուակներով կը խախտէ հրադադարը։
«Միեւնոյն ժամանակ, մենք կը տեսնենք, որ «Համաս»ը, չնայած սադրանքներուն, համբերատարութիւն կը ցուցաբերէ հրադադարը պահպանելու հարցով»,- նշած է ան։
Էրտողան աւելցուցած է, որ ընկերային ցանցերով եւ իսրայէլեան լրատուամիջոցներով ապատեղեկատուական արշաւ կը տարուի՝ թուրք ժողովուրդին համերաշխութիւնը Պաղեստինի ժողովուրդին հետ կանխելու նպատակով։