Եգիպտոսը Կազայի հատուածին մէջ երկօրեայ զինադադար առաջարկած է՝ քանի մը պաղեստինցի բանտարկեալի դիմաց 4 իսրայէլցի պատանդ ազատ արձակելու համար, յայտարարած է Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսին։
«Վերջին քանի մը օրուան ընթացքին Եգիպտոսը կ՚աշխատի նախաձեռնութեան վրայ, որ ուղղուած է երկօրեայ հրադադարի հաստատման, որ կը ներառէ չորս պատանդի եւ քանի մը բանտարկեալի ազատ արձակումը, որոնք կը պահուին իսրայէլեան բանտերու մէջ», - ըսած է ան։
«Համաս» պատրաստ է գործարքի
«Համաս»-ի քաղաքական բիւրոյի անդամը յայտարարած է, որ պատերազմի դադրեցման ու պատանդներու ազատ արձակման հարցով Տոհայի մէջ բանակցութիւններու վերսկսման լոյսին տակ խմբաւորումը «բաց է Իսրայէլի հետ Կազայի հարցով գործարքի համար»։
Տեղեկութիւնը հաղորդած է «The Times of Israel» թերթը։