«News.am» կայքէն կը տեղեկանանք, որ կառավարութեան շէնքի դիմաց այսօր՝ Նոյեմբեր 11-ին, բողոքի շարժում իրականացնող 16 քաղաքային բերման ենթարկուած է:
Ոստիկնութենէն յայտնեցին, որ քաղաքայինները բերման ենթարկուած «Վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ» օրէնսգիրքի 182-րդ յօդուածի հիմքով՝ ոստիկաններու օրինական պահանջը չկատարելու համար:
Յիշեցնենք, որ այսօր առաւօտեան ընդդիմութիւնը բողոքի շարժում կազմակերպած էր կառավարութեան շէնքին մօտ: Այդ ընթացքին ընդդիմադիր պատգամաւորները փորձած էին մուտք գործել կառավարութեան շէնք, սակայն ոստիկանները թոյլ չէին տուած, հրմշտոց սկսած էր, որմէ յետոյ ոստիկանները սկսած էին բերման ենթարկել շարժման մասնակիցները: