Ոռոգման ջուրի խնդրի լուծման պահանջով 15 յուլիսին, Շիրակի մարզի Ղարիբջանեան եւ Գետք բնակավայրերու բնակիչները փակած էին Գիւմրի-Արմաւիր ճանապարհի՝ Ղարիբջանեանի հատուածը:
Որոշ ժամանակ ճանապարհը փակ պահելէ ետք երկու գիւղերու բնակիչները Ղարիբջանեանի վարչական կեդրոնին մէջ հարցը քննարկեցին Շիրակի մարզպետարանի, «Շիրակ» ՋՕԸ (ջրօգտագործողներու ընկերութիւն) եւ Ախուրեան խոշորացուած համայնքի պատասխանատուներու հետ:
«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի ժամանակ Շիրակի մարզպետարանի գիւղատնտեսութեան ու բնապահպանութեան վարչութեան պետ Ռոման Համայակեանը նշած է, որ վերջին օրերուն արձանագրուած տաք եղանակով պայմանաւորուած խնդիրն աւելի սրած է: «Ղարիբջանեանն ամբողջութեամբ ու Գետքի մի մասը չեն հանդիսանում Շիրակ ջրօգտագործողների ընկերութեան անդամ, եւ ընկերութիւնը նրանց ջուր չի տրամադրում. այս գիւղերում միշտ օգտագործել են միայն իրենց ջրի պաշարները: Շոգ եղանակին զուգահեռ մեկնարկել է նաեւ ոռոգման սեզոնը, աւելացել են նաեւ ցանքատարածութիւնները, ինչով պայմանաւորուած խնդիրը լրջացել է»,-նշած է պատասխանատուն՝ տեղեկացնելով, որ խնդրի լուծման տարբերակն այդ գիւղերու բնակիչներու անդամակցութիւնն է «Շիրակ» ջրօգտագործողներու ընկերութեան:
Ան նաեւ յայտնած է, որ համայնքը խնդրին համապարփակ լուծում տալու համար ոռոգման ցանցի անցկացման օժանդակութեան ծրագիր պիտի ներկայացնէ կառավարութեան: