Իսրայէլի ցամաքային յարձակումը երթալով աւելի զօրաւոր կը դառնայ. զօրքերը ներխուժած են Կազա քաղաք: Այս մասին յայտնած է timesofisrael.com-ը՝ մանրամասնելով, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի զոհերու թիւը կը մեծնայ:
Պաշտպանութեան բանակի զինծառայողներու շարքերէն զոհերու թիւը հասած է 19-ի:
«Պատերազմի եւս մէկ նշանակալից փուլ առաջ անցած ենք. ուժերը կը գտնուին հիւսիսային Կազայի սիրտը, կը գործեն Կազա քաղաքին մէջ, կը շրջապատեն այն եւ կ՚ուժեղացնեն ցամաքային յարձակումը», -ըսած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի շտաբի պետ, զօրավար-լեյտենանտ Հերցի Հալեւին:
Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտնած է, որ ՀԱՄԱՍ-ի շուրջ 130 զինեալ սպանուած է իսրայէլցի զինուորներու հետ հրազէնային մարտերուն մէջ: