Կազայի հատուածին մէջ գտնուող Ճեպալիա փախստականներու ճամբարի գնդակոծութիւնն իսրայէլեան ուժերու կողմէ կրնայ ռազմական յանցագործութիւն ճանչցուիլ։
Այս մասին, ինչպէս հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն, ըսած է ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի X-ի էջին եղած գրառման մէջ։
«Հաշուի առնելով Ճեպալիա փախստականներու ճամբարին Իսրայէլի հասցուցած օդային հարուածներէն ետք քաղաքացիական անձանց շարքերէն զոհերու մեծ թիւը եւ աւերածութիւններու մաշտապները , մենք լուրջ մտավախութիւն ունինք, որ ատոնք անհամաչափ յարձակումներ են, որոնք կրնան հաւասարեցուիլ ռազմական յանցագործութեան», - ըսուած է գրառման մէջ: