Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան յայտարարած է, թէ Իսլամական Հանրապետութեան զինուած ուժերը Իսրայէլի կողմէ Իրանի տարածքին վրայ կատարուած յարձակումին պիտի պատասխանեն այնպէս, որ թշնամին զղջայ իր կատարածին համար։
«Իրանի ժողովուրդը եւ երկրի իշխանութիւնները չեն լռեր այս յանցագործութեան դիմաց, եւ Իսլամական Հանրապետութեան օրէնքով ամրապնդուած ու հզօր պատասխանը պիտի ստիպէ թշնամին զղջալ իր անխոհեմ գործողութիւններուն համար», – ընդգծած է նախագահը՝ ազգին ուղղուած իր ուղերձին մէջ։
Փեզեշքիան միեւնոյն ժամանակ կոչ ուղղած է ժողովուրդին՝ միանալու, վստահելու իշխանութիւններուն եւ ուշադրութիւն չդարձնելու տարածուող լուրերուն։