Միացեալ Նահանգները հետախուզական տուեալներ ստացած է Իսրայէլի կողմէ Իրանի միջուկային կառոյցներուն հարուածներ հասցնելու հնարաւոր նախապատրաստութիւններու մասին, հաղորդած է CNN-ը՝ յղում ընելով ամերիկացի պաշտօնեաներուն։
«Միացեալ Նահանգները ստացած է նոր հետախուզական տուեալներ, որոնք կը վկայեն, որ Իսրայէլը կը պատրաստուի հարուածելու Իրանի միջուկային կառոյցները», -ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Ինչպէս ընդգծած են հեռուստաալիքի աղբիւրները, դեռ պարզ չէ, թէ արդեօք հրէական պետութեան ղեկավարութիւնը վերջնական որոշում կայացուցած է հարուածներու վերաբերեալ։
Սակայն, անոնցմէ մէկու խօսքով, վերջին ամիսներուն նման սենարի հաւանականութիւնը զգալիօրէն մեծցած է։