Միացեալ Նահանգներու նախագահի հանրապետական թեկնածու, նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփը իրեն պատկանող Truth ընկերային ցանցի մէջ հայերուն վերաբերող գրառում կատարած է:
Թրամփը քննադատած է իր մրցակիցը՝ դեմոկրատներու նախագահի թեկնածու, փոխնախագահ Քամալա Հարիսը՝ շեշտելով, որ վերջինս «ոչինչ ըրաւ, երբ 120,000 հայ քրիստոնեաներ դաժանօրէն հալածուեցան եւ բռնի տեղահանուեցան Արցախէն»: Ան նաեւ խոստացած է նախագահ դառնալու պարագային խաղաղութիւն հաստատել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ:
Իր գրառման մէջ, Թրամփը, մասնաւորապէս ըսած է.
«Քամալա Հարիսը ոչինչ ըրաւ, երբ 120,000 հայ քրիստոնեաներ դաժանօրէն հալածուեցան եւ բռնի տեղահանուեցան Արցախէն: Քրիստոնեաները ամբողջ աշխարհի մէջ անվտանգ չեն ըլլար, եթէ Քամալա Հարիսը դառնայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ: Երբ ես դառնամ նախագահ, ես պիտի պաշտպանեմ հալածուած քրիստոնեաները, պիտի աշխատիմ դադրեցնել բռնութիւնն ու էթնիք զտումները, եւ մենք պիտի վերականգնենք խաղաղութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ»,- ըսուած է Տանըլտ Թրամփի՝ Truth ընկերային հարթակի վրայ կատարուած գրառման մէջ: