image

Իսրայէլ հարուածած է Դամասկոսի շրջակայքը. Կան զոհեր

Իսրայէլ հարուածած է Դամասկոսի շրջակայքը. Կան  զոհեր

ՍԱՆԱ լրատուական գործակալութիւնը յայտնած է, որ այսօր` Չորեքշաբթի լուսադէմին, Դամասկոսի արուարձաններուն մէջ իսրայէլեան յարձակման հետեւանքով 4 սուրիացի զինուոր զոհուած է, 3 ուրիշներ վիրաւորուած են:

Սուրիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ «իսրայէլեան ուժերը յարձակում իրականացուցած են է հրթիռային պատնէշներով Թիպերիայէն` թիրախաւորելով Դամասկոսի մերձակայքը», ընդգծելով, որ «հակաօդային պաշտպանութիւնը խոցած է հրթիռներուն մեծ մասը»:

Ռազմական աղբիւրը ՍԱՆԱ-ին յայտնած է. «Այսօր ժամը 00:41-ի սահմաններուն իսրայէլեան ուժերը Թիպերիոյ ուղղութենէն հրթիռներով օդային յարձակում իրականացուցած է` թիրախաւորելով Դամասկոսի մերձակայքը գտնուող որոշ կէտեր: Հակաօդային պաշտպանութեան միջոցները դէմ դրած են իսրայէլեան յարձակման հրթիռներուն եւ խոցած են անոնցմէ մի քանի հատը, տեղի ունեցած են որոշ նիւթական վնասներ»:

Աղբիւրները կը մանրամասնեն, որ «իսրայէլեան յարձակումը տեղի ունեցած է երկու փուլով եւ թիրախաւորած է մայրաքաղաքի հիւսիսային եւ արեւմտեան ծայրամասերում մէջ գտնուող մի քանի տեղամասեր եւ կէտեր, ուր ուժգին պայթիւններ որոտացած են, եւ անոնց ձայները լսուած են Դամասկոսի եւ անոր գիւղերու մեծ տարածքներուն մէջ:

Աղբիւրները կը նշեն, որ «առաջին թիրախը եղած է գրաւեալ տարածքներուն մէջ գտնուող Թիպերիա լիճէն դէպի Քուտսայա եւ Ճամրայա, Մեզզէ ռազմական օդակայանը եւ Քասիուն լերան լանջերը», նշելով, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութիւնը արձակած է առնուազն 5 հրթիռ: Մինչ երկրորդ ալիքը մեկնարկեց գրաւեալ Ապու ալ Նատա բլուրէն` Քունէյթրա քաղաքի ծայրամասին մէջ դէպի Դամասկոս-Պէյրութ մայրուղիին նայող օդային տարածք: Երկու ալիքները նաեւ նիւթական վնաս պատճառեցին:

Աղբիւրները յաւելած են, որ «սուրիական հակաօդային պաշտպանութիւնը շարք մը հրթիռներ խոցած է, սակայն անոնցմէ մի քանի հատը հասած են իրենց թիրախներուն եւ կրակ պատճառած են յատկապէս Դամասկոսի արեւմուտքը»: