Կազայի հատուածին մէջ իսրայէլցի պատանդներու առաջին խումբը յանձնուած է Կարմիր խաչի ներկայացուցիչներուն։
«ՀԱՄԱՍ-ի կողմէ ազատ արձակուած 13 իսրայէլացի պատանդներու խումբը հատած է Եգիպտոսի սահմանը», -հաստատած է The Times of Israel-ը:
Բացի այդ, Կազայի հատուածին մէջ ազատ արձակուած 11 թաիլանտացի եւ ֆիլիփինցի պատանդներու խումբն արդէն ժամանած է Իսրայէլ։
Ասոր ի պատասխան Իսրայէլի բանտային ծառայութիւնը հաստատած է, որ 39 պաղեստինցի կին եւ անչափահաս ազատ արձակուած են բանտերէն եւ ժամանած են Պէյթունիա անցակէտ:
Պատանդներու եւ կալանաւորներու ազատ արձակումը տեղի ունեցած է Իսրայէլի եւ ՀԱՄԱՍ-ի միջեւ կնքուած գործարքի շրջածիրէն ներս:
Առաջին 13 իսրայէլացի պատանդներու ազատ արձակումէն ետք իր առաջին յայտարարութեան մէջ երկրի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն ըսած է. «Մենք այժմ աւարտեր ենք մեր պատանդներու առաջին խումբի՝ երեխաներու, անոնց մայրերու եւ միւս կանանց վերադարձը: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ամբողջ մէկ աշխարհ է: Բայց ես կը շեշտեմ ձեզի՝ պատանդներու ընտանիքներուն եւ Իսրայէլի քաղաքացիներուն՝ սա պատերազմի նպատակներէն մէկն է, եւ մենք յանձնառու ենք հասնելու պատերազմի բոլոր նպատակներուն»: