Հակառակ անկարգութիւններու ալիքի դէմ պայքարին՝ Իրան կը շարունակէ պահպանել զգօնութիւնը Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձություններու հանդէպ եւ պատրաստ է ապահովելու իր շահերը տարածաշրջանին մէջ, գրած է Tehran Times-ը։
«Վերջին քանի մը շաբաթներու ընթացքին Իրան բախած է անկարգութիւններու աննախադէպ ալիքի՝ բռնկած Մահսա Ամինիի մահէն ետք՝ երիտասարդ կին, որ մահացած է ոստիկանական կալանքի տակ գտնուելու ժամանակ: Անկարգութիւնները տեղի կ'ունենան այն ժամանակ, երբ հարավկովկասեան տարածաշրջանը դարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ մշտական բախումներու օճախ:
Կիրակի օր Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ Հայաստանի հետ սահմանի երկայնքով ատրպէյճանական զինուժը կրակի տակ յայտնուած է եւ ձեռնարկած է «համարժէք պատասխան միջոցներ»: Հայաստանը հերքած է, որ կրակած է ատրպէյճանական ուժերու վրայ։
Հայ-ատրպէյճանական սահմանին վերսկսած լարուածութիւնը արդէն վաղուց կ'անհանգստացնէ Իրանը՝ հաշուի առնելով այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցք ստեղծելու Ատրպէյճանի ծրագրերը, որ իրականացնելու պարագային պիտի կտրէ Իրանի ցամաքային սահմանը Հայաստանի հետ։
Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ միջազգային սահմաններու վերաբերեալ Իրանի անհանգստութիւնը սրած է 2020 թուականի Ղարաբաղեան պատերազմէն ետք։ Այդ ժամանակէն Իրան կը զգուշացնէ, որ չընդունիր տարածաշրջանի մէջ սահմաններու ոչ մէկ փոփոխութիւն։
Իրանի մէջ տեղի ունեցած վերջին անկարգութիւնները աւելի սրած են այս մտավախութիւնները, քանի որ Իրան զբաղած է սեփական տունը կարգի բերելով: Սակայն իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնեան հանգստացուցած է մտահոգութիւնները Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակի վերաբերեալ: Իրանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Մոհամմատ Ճամշիտին ըսած է, որ անկարգութիւնները չեն շեղեր Իրանի ուշադրութիւնը տարածաշրջանին մէջ զարգացումներուն հետեւելէ:
Իրանի նախագահ Սէյիտ Էպրահիմ Ռայիսին անցեալ շաբաթ Աստանայի մէջ երկիրներու ղեկավարներու գագաթաժողովի ծիրէն ներս հանդիպած է իր ատրպէյճանցի գործընկեր Իլհամ Ալիեւի հետ։ «Այս հանդիպման Ռայիսին մերժած է պատմական սահմաններու, տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքականութեան եւ Իրան-Հայաստան տարանցիկ ճանապարհի ցանկացած փոփոխութիւն։ Ան ըսած է, որ այդ կը յանգեցնէ Իրանի խիստ արձագանգին: Ռայիսին նաեւ մերժած է եւրոպական ռազմական ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ որեւէ պատրուակով։ Ան ըսած է, որ ներքին խնդիրները մեզ չեն շեղեր Իրանի ժողովուրդի ռազմավարական շահերէն»,- հանդիպման մասին Twiter-ի մէջ գրած է Ճամշիտին։
Հանդիպման Ռայիսին յայտարարած է, որ պէտք է յարգել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ազգային ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը, ըսուած է հանդիպման յաջորդած հաղորդագրութեան մէջ։
«Իրան կը մերժէ տարածաշրջանի պատմական եւ աշխարհաքաղաքական սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն եւ Իրանի ու Հայաստանի տարանցիկ կարգավիճակի որեւէ փոփոխութիւն»,- ըսած է Ռայիսին, յիշեցնելով, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը առաջին երկիրն է, որ ողջունած է Լեռնային Ղարաբաղի ազատագրումը, ան աւելցուցած է. «Իրան պատրաստ է օգտագործելու իր հսկայական ներուժը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տարաձայնութիւնները լուծելու համար»:
Ատրպէյճանի նախագահն իր հերթին Փրակի մէջ մանրամասն զեկոյց ներկայացուցած է տարածաշրջանային իրադարձութիւններու եւ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ բազմակողմ բանակցութիւններու վերջին կարգավիճակի մասին։
ԱՆ նաեւ ընդգծած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջազգային սահմաններու պահպանումն ու անոնց հանդէպ յարգանքը։
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտուլ Լահիան շաբաթ օր հեռախօսազրոյցի ժամանակ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ միտքեր փոխանակած է երկկողմ, տարածաշրջանային եւ միջազգային ոլորտներու կարեւորագոյն հարցերու շուրջ։
Ամիր Ապտուլ Լահիան նշած է իրանա-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու խորութիւնը եւ կարեւոր համարած երկու երկիրներու նախագահներու վերջին հանդիպումը Ղազախստանի մայրաքաղաքին մէջ՝ Ասիոյ մէջ փոխգործակցութեան եւ վստահութեան միջոցներու ամրապնդման համաժողովի գագաթաժողովի ծիրէն ներս։
Անդրադառնալով Կովկասեան տարածաշրջանի վերջին զարգացումներուն՝ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է երկիրներու, այդ շարքին՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ինքնիշխանութեանն ու տարածքային ամբողջականութեան աջակցութիւնը՝ ընդգծելով, որ նման մօտեցումը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշտական քաղաքականութիւնն է։
Ամիր Ապտուլ Լահիանն ըսած է, որ Կովկասի մէջ օտար ուժերու ներկայութիւնը տարածաշրջանի երկիրներու համար ընդհանուր խնդիր է, եւ ընդգծած է, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը դէմ է տարածաշրջանին մէջ ցանկացած օտար ուժի տեղակայման»։