image

Իրանը կը սպառնայ հարուածել ԱՄԷ-ի մէջ գտնուող ամերիկեան հրթիռակայանները

Իրանը կը սպառնայ հարուածել ԱՄԷ-ի մէջ գտնուող ամերիկեան հրթիռակայանները

Իրանի զինուած ուժերը յայտարարած են Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններու (ՄԱԷ) քանի մը քաղաքներու մէջ տեղակայուած ամերիկեան հրթիռային արձակման կայանքերը հարուածելու ծրագրի մասին։ Այս մասին կը հաղորդէ Tasnim գործակալութիւնը։

«Խաթամ ալ-Անպիա» կեդրոնական շտապի մամլոյ քարտուղարին հաղորդմամբ՝ ամերիկեան ուժերը հրթիռային հարուածներ հասցուցած են իրանական Ապու Մուսա եւ Խարկ կղզիներուն, այն բանէ ետք երբ տարածաշրջանին մէջ ԱՄՆ ռազմակայաններու ոչնչացուման պատճառով ապաստան գտած են Էմիրութիւններու նաւահանգիստներուն եւ քաղաքային թաքստոցներուն մէջ։

Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը յայտարարած է, որ իր ինքնիշխանութիւնը պաշտպանելու նպատակով «օրինական իրաւունք» ունի թիրախաւորելու ամերիկեան թշնամի ուժերու հրթիռային կայանները, որոնք կը գտնուին ՄԱԷ-ի նաւահանգիստներուն եւ բնակավայրերուն մէջ։ Իրանական կողմը նաեւ պաշտօնապէս դիմած է ՄԱԷ-ի իսլամ բնակչութեան՝ կոչ ընելով անյապաղ հեռանալու նաւահանգիստներէն եւ ամերիկեան զինուորականներու հնարաւոր թաքստոցներէն՝ վտանգէն խուսափելու համար։