image

Իրանը դէմ է Կովկասի մէջ օտար ուժերու ներկայութեան. Ռայիսին՝ Ալիեւին

Իրանը դէմ է Կովկասի մէջ օտար ուժերու ներկայութեան. Ռայիսին՝ Ալիեւին

Իրան դէմ է Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ օտարերկրեայ ռազմական ներկայութեան ցանկացած պատրուակով։ Այս մասին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին։

Իրանի նախագահի մամուլի ծառայութենէն յայտնած են, որ Ռայիսին նշած է Հայաստանի ու Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու անհրաժեշտութիւնը՝ ընդգծելով, որ Իրան դէմ է տարածաշրջանի պատմական եւ աշխարհաքաղաքական սահմաններու եւ Իրանի ու Հայաստանի տարանցիկ կարգավիճակի ցանկացած փոփոխութեան։

Յիշեցնելով, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնն առաջին երկիրն է, որ «ողջունած է Լեռնային Ղարաբաղի ազատագրումը», Ռայիսին աւելցուցած է, որ Իրան պատրաստ է օգտագործելու իր մեծ ներուժը՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ տարաձայնութիւնները լուծելու համար։

Իր հերթին Ալիեւ Իրանի նախագահին տեղեկացուցած է տարածաշրջանային իրադարձութիւններու եւ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ բազմակողմ բանակցութիւններու վերջին կարգավիճակի, այդ շարքին՝ Փրակի մէջ հանդիպումներու մասին։ Ան նաեւ ընդգծած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջազգային սահմանները պահպանելու եւ յարգելու անհրաժեշտութիւնը։

Միաժամանակ, Իրանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Մոհամմատ Ճամշիտին Twitter-ի էջին գրած է. «Նախագահ Ռայիսին Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւին հասկցուցած է, որ պատմական սահմաններու, տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքականութեան եւ Իրան-Հայաստան տարանցիկ երթուղիներու ցանկացած փոփոխութիւն անընդունելի է: Նաեւ կը մերժուի եւրոպական ռազմական ներկայութիւնը ցանկացած պատրուակով: Արեւմուտքը չի կրնար ռազմավարական առումով շեղել մեզ»։