image

Իրանն ու Չինաստանը պիտի ընդլայնեն համագործակցութիւնը արհեստագիտական համագործակցութեան ոլորտին մէջ

Իրանն ու Չինաստանը պիտի ընդլայնեն համագործակցութիւնը արհեստագիտական համագործակցութեան ոլորտին մէջ

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց նախարար Սաթար Հաշեմի եւ վերջինիս չինացի գործընկեր Լի Լեչենկի միջեւ Փեքինի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին կողմերն ընդգծած են երկու երկիրներու միջեւ արհեստագիտական համագործակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը։ 

Այս մասին յայտնած է իրանական IRNA լրատուականը՝ մանրամասնելով, որ Սաթար Հաշեմի Փեքին այցելած է իր չինացի գործընկերոջ հրաւէրով։

Հանդիպման ընթացքին նախարարներն ընդգծած են երկկողմանի համագործակցութեան ընդլայնումը, մասնաւորապէս՝ արհեստական ​​բանականութեան, արդիւնաբերական խելացիացման, կապի ենթակառուցուածքներու զարգացման եւ մարդկային ներուժի վերապատրաստման ոլորտներուն մէջ։ 

Հաշեմին Չինաստանը բնութագրած է որպէս Իրանի ռազմավարական գործընկեր եւ դաշնակից՝ ընդգծելով կապերու խորացման անհրաժեշտութիւնը 22-24 հոկտեմբեր, 2024 թուականին, Ռուսիոյ Կազան քաղաքին մէջ կայացած գագաթնաժողովի ծիրէն ներս առաջնորդներուն հանդիպումէն յետոյ։ 

Լի Լեչենկ, իր հերթին, ընդգծած է չինական-իրանական պատմական եւ բարեկամական յարաբերութիւնները՝ Իրանը անուանելով տարածաշրջանային ամենակարեւոր գործընկերներէն մէկը։