image

Իրանի նախագահը Էրտողանի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է, թէ Իրան հաւանութիւն տուած է Հայաստան-Ատրպէյճան համաձայնութեան

Իրանի նախագահը Էրտողանի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է, թէ Իրան հաւանութիւն տուած է Հայաստան-Ատրպէյճան համաձայնութեան

Իրանը հաւանութիւն տուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ Ուաշինկթընի մէջ կնքուած համաձայնագրին։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը Չինաստանի մէջ ՇՀԿ գագաթնաժողովին Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ հանդիպման ժամանակ։

Հաղորդուած է, որ Փեզեշքիանն ընդգծած է, որ Իրանը դէմ է Հարաւային Կովկասի գործերուն արտաքին միջամտութեան եւ կը ձգտի ամրապնդել յարաբերութիւնները հարեւաններու հետ:

Ան նաեւ յայտնած է Թեհրանի պատրաստակամութիւնը՝ պարզեցնելու բանկային եւ մաքսային համագործակցութիւնը՝ Թուրքիոյ հետ ապրանքաշրջանառութիւնը մեծցնելու համար: