image

Իրանեան յատուկ ջոկատայիններ ռազմափորձ կատարած են Ատրպէյճանի սահմաններուն

Իրանեան յատուկ ջոկատայիններ ռազմափորձ կատարած են Ատրպէյճանի սահմաններուն

Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրախումբի ցամաքային զօրքերու զինծառայողները Իրանի հիւսիսարեւմտեան սահմանամերձ շրջաններուն մէջ կայացող զօրավարժութիւններու ժամանակ կատարելագործած են օդապարիկով ցատկերը։

«Հզօր Իրան» զօրավարժութիւններու երրորդ օրը, որ տեղի ունեցած է Արաքսի շրջանին՝ Արտեպիլ եւ Արեւելեան Ատրպէյճան նահանգներու հիւսիսարեւմտեան սահմաններու երկայնքով, Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրախումբի յատուկ ջոկատայինները ուղղաթիռային գործողութիւններ իրականացուած են՝ օգտագործելով Մի-17 ուղղաթիռները, գրած է Tasnim-ը։

Զօրավարժութիւններու մասնակիցները գրաւած են նաեւ պայմանական  հակառակորդի կողմէ վերահսկուող երթուղիներ եւ բարձունքներ։

Երկուշաբթի մեկնարկած զօրավարժութիւններու ժամանակ, Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրախումբի ուժերը առաջին անգամ իրականացուցած են գետերու վրայ կամրջանաւերու տեղադրումը՝ զօրքերու եւ փոխադրային միջոցներու տեղաշարժի համար:

Զօրավարժութիւններու ծիրէն ներս տուած մեկնաբանութիւններուն մէջ Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրախումբի հրամանատար զօրավար-մայոր Հոսէյն Սալամին յիշեցուցած է հարեւաններուն, որ Իրան հաւատարիմ է եղբայրութեան եւ բարեկամութեան քաղաքականութեան, «քանի դեռ թշնամիները դաւադրութիւն չեն նախապատրաստեր անոր դէմ»։

«Մենք մեր հարեւաններուն կոչ կ'ընենք իրենց խնդիրները լուծելու փոխգործակցութեան եւ ոչ ռազմական մօտեցումներու միջոցով:

Մենք շահեր ունինք այս տարածաշրջանին մէջ, ուստի եթէ տարածաշրջանի ինչ-որ անկիւնի մէջ միջադէպ տեղի ունենայ, եթէ մեր շահերը վտանգուին, ապա մենք չէզոք չենք մնար եւ կը պաշտպանենք մեր շահերը»,- աւելցուցած է  զօրավարը։