Իրանի ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար՝ Ալի Շամհանին իր Թուիթըրեան էջին վրայ անդրադարձած է Իսրայէլի վարչապետ՝ Նաֆթալի Պենեթի առաջին հանդիպման Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճօ Պայտընի հետ եւ Իրանի հասցէին անոնց սպառնալիքներուն, յայտնած է IRNA-ն:
«Պենեթի եւ Պայտընի առաջին հանդիպումը եւ Իրանի դէմ «այլ տարբերակներ» օգտագործելու շեշտադրումը, ինչ որ անօրինական սպառնալիք է երկրէ մը միւսը: Իրան իրեն կը վերապահէ պատասխան քայլեր ձեռնարկելու իրաւունքը «հասանելի տարբերակներուն»,- գրած է Շամհանին:
Աւելի վաղ Պայտըն Պենեթի հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգները կրնայ այլ միջոցներ ձեռնարկել՝ Իրանին կորիզային զէնք մշակել թոյլ չտալու համար: