image

Ի՞նչ ուղղութիւններով պիտի գործակցինք Հայաստանի հետ. Փութին փակագիծներ բացած է

Ի՞նչ ուղղութիւններով պիտի գործակցինք Հայաստանի հետ. Փութին փակագիծներ բացած է

Ողջունելով հայ-ռուսական միջտարածաշրջանային 8-րդ ֆորումի մասնակիցները՝ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին նշած է, որ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները հիմնուած են բարեկամութեան եւ փոխադարձ յարգանքի դարաւոր աւանդոյթներու վրայ եւ դաշնակցային բնոյթ ունին:  

«Մեր պետութիւններուն միջեւ հաստատուած է բովանդակալից քաղաքական երկխօսութիւն եւ տարբեր ոլորտներում մէջ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն: Միջտարածաշրջանային համագործակցութիւնը շատ էական դեր կը խաղայ ռուս-հայկական կապերու զարգացման գործին մէջ, ինչ որ հնարաւորութիւն կու տայ իրականացնելու փոխշահաւէտ ծրագրեր տնտեսական, ընկերային, ենթակառուցուածքային, մարդասիրական եւ շատ այլ ոլորտներում մէջ», կ'ըսուի Քրեմլի կայքին մէջ տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ։

Փութին կարեւորած է, որ համաժողովի շրջանակներուն մէջ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի պաշտօնատար անձեր, հասարակական կազմակերպութիւնները, գիտական, փորձագիտական եւ գործարար շրջանակները պիտի կարենան փորձի փոխանակում կատարել, քննարկել երկկողմ օրակարգի հարցեր եւ նախանշել հետագայ համատեղ աշխատանքին ուղիները: «Յոյսով եմ, որ համաժողովը կ'անցնի ստեղծագործական, կառուցողական ձեւով, սկիզբ կը դնէ նոր նախաձեռնութիւններուն, որոնք պիտի նպաստեն ռուս-հայկական բեղմնաւոր գործընկերութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ եւրասիական տարածքին մէջ ներառման գործընթացներու խթանման», աւելցուցած է ան՝ յաջողութիւն մաղթելով Երեւան մէջ տեղի ունեցող ֆորումի մասնակիցներուն: